2014-06-25 11:32:18

Հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը` Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ հանդիպեցաւ հիւանդներուն։


Չորեքշաբթի, 25 Յունիսին, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութէնէն առաջ, կլիմայի անկայունութեան պատճառաւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուզեց անգամ մը եւս հիւանդները ընդունիլ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։ Այս երրորդ անգամն է որ, Նորին Սրբութիւնը, այս ձեւը կ՛որդեգրէ հիւանդներն ու անկարները խնայելու նպատակով տաքէն կամ ցուրտէն։
Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնեց զանոնք ու ըսաւ ''այժմ կ՛ուղղուիմ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, հրապարակային ունկնդրութեան համար, սակայն դուրսը շատ տաք է ձեզի` հիւանդներուդ համար, եւ վտանգ կայ որ այսօր անձրեւէ, առ այդ ձեզի համար աւելի հարմար է այս վայրէն հետեւիլ ունկնդրութեան պատկերասփռումի միջոցաւ''։ Ան ապա հրաւիրեց զանոնք միասին աղօթելու ''Ողջոյն Քեզ'' Մարեմեան աղօթքը անոնցմէ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել նաեւ իրեն համար ։







All the contents on this site are copyrighted ©.